2014-03-11 10:03:25

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի յատուկ քարտուղարի վկայութիւնը` Ֆրանչիսկոս Պապը օրը երեք անգամ Սուրբ Վարդարան կ՛աղօթէ։


Հինգշաբթի, 13 մարտին, կը նշուի Ֆրանչիսկոս Սրբազան քահանայապետի ընտրութեան առաջին տարեդարձը։
2013 տարին, համայն Եկեղեցւոյ համար եղաւ արտակարգ տարի մը, ''ողորմածութեան'' ժամանակաշրջան մը։
Գերապայծառ Ալֆրէտ Շուերէպ` որ եղած է Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի քարտուղար ու ապա Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի յատուկ քարտուղար ու վերջերս Քահանայապետին կողմէն անուանուած` նորաստեղծ տնտեսական քարտուղարութեան ընդհանուր քարտուղար, Ռատիովատիկանի հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին, վկայութիւն տուաւ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի կողքին ապրած Քահանայապետութեան առաջին տարուայ առընչութեամբ։
Ան նախ նշեց թէ ինչպէս Պենետիկտոս ԺԶի հրաժարականէն ետք, վաստակաւոր Քահանայապետի հետ միասին տեղափոխուած էր Քասթել Կանտոլֆոյ ու մինչեւ նոր Քահանայապետի ընտրութիւնը մնացած էր Պենետիկտոս ԺԶ-ի կողքին ու ապա Ֆրանչիսկոս քահանայապետի ընտրութենէն երկու օր ետք ''մեծ ցաւով'' ստիպուած եղած էր Վատիկան վերադառնալ ու Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի յատուկ քարտուղարի պաշտօնը ստանձնել։
Հարցազրոյցի ընթացքին, Գերապայծառ Շուերէպ, ակնարկեց թէ ինք հմայուած է Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի վճռակամութենէն։ Ան - ըսաւ գերապայծառ Շուերէպ - իր ներշնչումը կը գտնէ աղօթքի մէջ. Ան աշխարհի ժողովրդապետն է, որուն առաքելութիւնը մարդոց ծանօթացնել է Յիսուս Քրիստոսը ու Անոր Աւետարանը։ Քահանայապետը ամբողջութեամբ նուիրուած է իր այս առաքելութեան ու անխոնջ կերպով կ՛աշխատի այս ուղղութեամբ ու երբ հոգնած է հանգիստ ընելու համար, սուրբ վարդարանը կ՛աղօթէ` օրը երեք անգամ։
Գերապայծառ Շուերէպ անդրադառնալով ապա երկու քահանայապետներու միջեւ յարաբերութիւններուն, հաստատեց թէ Ֆրանչիսկոս Պապը Պենետիկտոս վաստակաւոր Քահանայապետը կը նկատէ որպէս տան մէջ ծերունի իմաստուն հայր մը ու անոր հետ յաճախ կը խորհրդակցի զանազան առիթներով։








All the contents on this site are copyrighted ©.